|  
Ամիրա Հասս և Ալփէր Կէօրմիւշ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի թափնեկիր

Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկի  նախաձեռնած Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի առաջինը, 15 Սեպտեմբեր Երեքշաբթի երեկոյ, Ճեմալ Րէշիդ Րեյ դահլիճի մէջ կայացած հանդէսով յանձնուեցաւ պարգեւատրեալներուն:

Հանդիսավարն էր Պանու Կիւվէն, որ բացման ճառի համար բեմ հրաւիրեց մրցանակի յանձնախումբի նախագահ Ալի Պայրամօղլուն: Պայրամօղլու պարզեց Հիմնարկի մրցանակաբաշխութեան նպատակները, «խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ զերծ, աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը ձգտող, այդ նպատակին հասնելու համար սեփական վտանքի ենթարկուող, կանխակարծիքները հարցաքքնող, խաղաղութեան լեզուն գործածող, այս բոլորը ընելու պահուն ուրիշներն ալ նման պայքարի ներարող, այս ուղղութեամբ խրախուսող և յոյս ներշնչողները պարգեւատրել» նախադասութիւնով:

Միջազգային Հրանդ Տինք Հիմնարկի Վարչութեան նախագահ Ռաքէլ Տինք ալ իր ելոյթին ըսաւ հետեւեալը: «Ես և Ջութակս տարեդարձ տօնող տղոցմէ չեղանք: 40 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ մարեց տարեդարձի կարկանդակի մոմերը: Ջութակս այս օր պիտի թեւակոխէր 55 ամեակին, եթէ 32 ամիսներ առաջ խլած չըլլային իր ապրելու իրաւունքը: Եղբայրները, եղբօր որդիները, զաւակները, թոռները և ես ընտանեօք որոշեցինք հիմնարկ մը հիմնել: Որպէս հիմնարկ, փոխան տարեդարձի, անոր կեանքը և պայքարը ողջունելու համար, նման պայքար մղողներուն, գաղափարները քաջաբար պարզողներուն շնորհակալութիւն յայտնելու համար ուզեցինք իր ծննդեան օրը, ամէն 15 Սեպտեմբերին մրցանակաբաշխութիւն ընել: Այս օր պարգեւ ստացողներու ուրախութիւնը ալ աւելի կը յուզէ մեզ: Այս օր պարգեւ ստացողները Հրանդին, Հրանդն ալ իրենց պարգեւ է: Լաւ որ ծնած ես Ջութակս»:

Ռաքէլ Տինքի այս ելոյթէն ետք, Իւմիթ Քըւանչի կողմէ պատրաստուած կենսագրական Ֆիլմերու ցուցադրութիւնով յայտարարուեցան պարգեւեալները: 2009-ի Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը ստացող լրագրող Ալփէր Կէօրմիւշ, «Ես անվախ էի մինչեւ 35 տարիկան, յետոյ դուստր մը ունեցայ ու ես 22 տարի է որ աղջկանս համար կը մտահոգուիմ: Երբ լսեցի թէ պարգեւատրուած եմ, նոր մտահոգութիւն մը եւս բեռցաւ ուսերուս: Միթէ կրնամ գործել նման սխալ, որ մարդիկ իմ ետեւէն ըսեն՝ «այս մարդո՞ւն տուած էին Հրանդ Տինքի մրցանակը»: Սիրելի Հրանդ Տինք՝ քու ամենամտերիմները, քու ծննդեան օրը նուէր մը տուին: Ըսին թէ այս նուէրը կուտանք, համոզուելով թէ կը հետեւիս Հրանդ Տինքի ճանապարհին, սեփական վտանքի կ՛ենթարկուիս: Եղբայրս՝ գիտնաս որքան կը ցանկայի լսել թէ դուն ալ կը հաստատես այս համոզումը»:

2009-ի Միջազգային Հրանդ Տինքի անուան Մրցանակը ստացող երկրորդ անունն էր Ամիրա Հասս: Այն ալ իր խօսքերուն սկսաւ «երանի այդ վիշտը տեղի չունենար և մենք ալ ստացած չըլլայինք այս մրցանակը», ու շարունակեց «Ինծի համար դիւրին չէ շնորհակալութիւն յայտնել, խռոված եմ ու բարկացած: Իսրաէլէ ներս թուրքիոյ նման 301.րդ յօդուած գոյութիւն չունի: Քննադատելու կամ հարցազրոյց ընելու ազատութիւնը կը վայելենք: Բայց կը տառապինք անտեսուելէ: Դեռ շաբաթ մը առաջ Պաղեստինցի հայր ու որդիի սպաննութեան մասին յօդուած մը գրեցի: Մեր դէմ ար դէմ գտնուած վտանքը ոչ թէ ճնշումըն է, այլ անտեսուիլը: Սա սեփական, անհատական խնդիր մը չէ: Մենք աւելի մեծ աղէտը կանխելու համար կ՛ուզենք որ Իսրաէլի ժողովուրդը կարդայ մեր գրածները»:

Մրցանակաբաշխումի հանդէսին մասնակցեցան Քարտէշ Թիւրքիւլեր և Արթօ Թունչպոյաճեան իրենց երգերով, իսկ Զէյնեպ Թանպայ մենապարով: Մրցանակի արձանիկը քանդակագործ Էրտաղ Աքսէլ պատրաստեց, ներշնչուելով Հրանդ Տինքի «ջուրը իր ճամբան գտաւ» անուն յօդուածէն: Մրցանակի խորհրդանշանը և երեկոյթի ձեւաւորումը կատարեց Պիւլէնտ Էրքմէն: Բեմային կարգադրութիւնը ստանցնեց ՊԿՍԹ: ՄԱՍ տպարանը և Աքտիվ հաղորդումն ալ զօրակցեցան այս միջոցառումին:

Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակաբաշխումը կայացաւ Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկի նախաձեռնութեամբ և կամաւորներու բազմանդամ խմբակի մը մասնակցութեամբ:
    |